Skip to content

Ինչո՞ւ կուրծքի զննում

Կուրծքի քաղցկեղը կիներու քաղցկեղի ամենատարածուած տեսակն է Աւստրալիոյ մէջ։3132 

BreastScreen NSW-ը կը հրաւիրէ կիները, որոնք 50-74 տարեկան են, երկու տարին անգամ մը կուրծքի զննում անցնիլ։

Ի՞նչ է կուրծքի զննումը։ 

Կուրծքի զննումը, որ կը կոչուի նաեւ մամոկրաֆիա, կուրծքերու ճառագայթային նկարն է։ Ան կրնայ յայտնաբերել բրինձի հատիկի չափ պզտիկ քաղցկեղներ, նախքան փոփոխութիւն նկատէք կամ գունդ շօշափէք կուրծքին մէջ։ 

Price tag with a “$” symbol on it
Ան ձրի է։
Stopwatch
Ան 20 վայրկեան կը տեւէ։
Doctor/medical centre symbol
Ձեզի բժիշկի ուղեգիր պէտք չէ։

Կուրծքի քաղցկեղը լաւագոյնս կը բուժուի, երբ տակաւին շատ պզտիկ է։ Երբ կուրծքի քաղցկեղը աւելի կանուխ կը յայտնաբերուի, զայն բուժելը աւելի դիւրին կ՚ըլլայ։ Կիներու մեծամասնութիւնը կ՚առողջանայ եւ կը վերադառնայ բնականոն կեանքի։

Բոլոր մշակութային ծագում ունեցող կիները կրնան հիւանդանալ կուրծքի քաղցկեղով։ Դուք կրնաք առողջ տեսք ունենալ եւ լաւ զգալ, սակայն կուրծքի քաղցկեղ ունենալ առանց որեւէ ախտանշանի (հիւանդութեան)։

Ինչո՞ւ կուրծքի զննումը կարեւոր է:

Infographic of seven diverse women with one circled
Եօթը կիներէն մէկը Նոր Հարաւային Ուէլսի մէջ (NSW) պիտի ախտորոշուի կուրծքի քաղցկեղով։ 1548 
Infographic showing a woman sitting down with a cup of tea next to the figure “50+”
Կուրծքի քաղցկեղով ախտաճանչուած կիներուն մեծ մասը 50 տարեկանէն վեր է: 3148 
10 women icon
Կուրծքի քաղցկեղ ունեցող կիներու մեծամասնութիւնը կուրծքի քաղցկեղի ընտանեկան պատմութիւն չունի: 3150 

Ե՞րբ քննուիլ

  • 50-74 տարեկանին՝ երկու տարին անգամ մը։
  • Բժիշկի յանձնարարագիր պէտք չէ ձեզի։  
  • 40-49 տարեկան կիները եւ 74 տարեկանէն վեր կիներն ալ կրնան քննուիլ: Խնդրեմ նախ քննարկեցէք ձեր բժիշկին հետ։ 

Ինչպէ՞ս ժամադրութիւն առնել կուրծքի քննութեան համար։  

Ժամադրութիւն առնելու համար հեռաձայնեցէք 13 20 50 կամ հեռաձայնեցէք Թարգմանչական ծառայութիւն TIS symbol 13 14 50 հեռախօսահամարով, եթէ կ'ուզէք թարգմանչական օգնութիւն ժամադրութիւն առնելու համար:

Եթէ ձեր ժամադրութեան ընթացքին թարգմանիչի կարիք ունիք, ժամադրութիւն առնելու ատեն տեղեակ պահեցէք BreastScreen NSW-ը: Ընտանիքի անդամը կամ բարեկամները չեն կրնար թարգմանել ձեր ժամադրութեան ատեն: 

Եթէ կ'ուզէք գալ ուրիշ կիներու հետ՝ իրար աջակցելու, մենք կրնանք խմբային ժամադրութիւն կատարել: 

BreastScreen NSW-ն ունի աւելի քան 250 դարմանատուն եւ շարժական քննութեան կառքեր Նոր Հարաւային Ուէլզի մէջ (NSW): 

Տրամադրեցէք ձեր բժիշկներուն կապի տուեալները ձեր ժամադրութեան ատեն, եթէ կ'ուզէք որ անոնք ստանան ձեր արդիւնքներուն պատճէնը: 

Ձեր ժամադրութիւնը

  • Երկու կտորէ բաղկացած հագուստ հագէք, քանի որ պիտի պահանջուի հանել հագուստը մէջքէն վեր:
  • Ձեր ժամադրութեան օրը մի՛ գործածէք փոշի, հոտազերծիչ կամ քսուքներ մարմնին, քանի որ անոնք կրնան ազդել ձեր ռենտկեն քննութեան վրայ:
  • Կին ռենտկենաբանը (ռենտկենի մասնագէտ) ձեզ պիտի տանի առանձնասենեակ՝ հանելու հագուստը: Յետոյ իւրաքանչիւր կուրծքի ռենտկեն պիտի կատարուի:  
  • Ռենտկենը արագ կը կատարուի։ Որոշ կիներ կրնան անհանգստութիւն զգալ կուրծքերու սեղմումէն: Որեւէ պահու կրնաք հարցումներ ընել եւ դադրեցնել քննութիւնը:  
  • Խնդրեմ ձեզի հետ բերէք կուրծքի նախորդ ռենտկեն պատկերը, եթէ ձեր վերջին մամոկրաֆիան BreastScreen NSW-ի միջոցով չէ կատարուած: 

Տեղեակ պահեցէք մեր անձնակազմը, եթէ դուք.  

  • յղի էք կամ կը կերակրէք կուրծքով
  • կուրծքի պատուաստներ ունիք
  • սրտի ռիթմավար ունիք
  • շարժունակութեան, մէջքի կամ ուսի հետ կապուած խնդիրներ ունիք: